2008-11-28 13:37:02

Լուրեր հայ աշխարհէն

Գերապատիւ Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան` Տոքթոր եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղի մէջ։


Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2008-ի երեկոյեան ժամը 5-ին Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ գեր. Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանի` Զմմառու միաբան, Տոքթորայի աւարտաճառի պաշտպանութիւնը։

Ներկայ էին Արհի. Գրիգոր եպ. Գուսան` առաջնորդը Աղեքսանդրիոյ թեմին, գերպ. Միքայէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան, Պատրիարքական Ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքին մեծաւորը, կը ներկայացնէր գեր. Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, Ներկայ էր նաեւ Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէքեան, մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին եւ փոխ մեծաւորը հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան եւ դպրեվանքի ժառանգաւորները, ու նաեւ յատուկ ֆրանսայէն ժամանած՝ Հայր Գեորգ վրդ. Ասատուրեան` ժողովրդապետը Փարիզի կաթողիկէ հայոց։

Աւարտաճառին նիւթն է. IL MONACHESIMO NELLA CHIESA ARMENA - ORIGINE E FONTI`ՎԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ, 265 էջնոց աւարտաճառը կը ներփակէ հինգ գլուխներ։

Քննիչ յանձնախումբի անդամներն են.

- Prof. Dott. Natale LODA Moderatore .

- Prof. Dott. Andres GUITEREZ Correlatore.

- Prof. Dott. Sebastiano PACIOLLA Correlatore.

Հայր Գաբրիէլ վարդապետը ներկայացուց աւարտաճառի համառօտութիւնը քսան վայրկեանին մէջ, որուն յաջորդեց քննիչ յանձնախումբի հարցումներն եւ դիտողութիւնները, ապա Քննիչ յանձանխումբը կարճ խորհրդակցութիւն մը կատարեց. որմէ ետք Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան ստացաւ եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղի մէջ Տոքթորի տիտղոսը , SUMMA CUM LAUDE աստիճանով` բարձրագոյն աստիճանը համալսարանական մակարդակին։



ֆադէյ Սարգսեանի ծննդեան 85-ամեակի նշում

Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը նուիրուած Ֆադէյ Սարգսեանի ծննդեան 85-ամեակին։

Ֆ Սարգսեանի մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանէն (1940-1942) այնուհետեւ շարունակած է Տոմսկի զինուորական ելեկտրաարհեստագիտական կապի ակադեմիային մէջ։ Գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալայեան խօսելով յոբելեարի մասին ըսած է. Ֆ. Սարգսեան մեր ապրած ժամանակի եւ իրականութեան իսկական հարստութիւն է, զոր ճանչնալը հաւասար է կեանքի ճշմարտութեան բացայայտման, նկարագրելով մեծագոյն ձեռքբերումները հանրապետական հաշուողական բնագաւառի զարգացման գործին մէջ, Բալայեան առանձնացուցած է յոբելեարին դերն ու գործունէութիւնը Հրազդան մեքենայ, Արաքս, Մարս, Տրանզիստոր միաւորումներու, ինչպէս նաեւ շարք մը նոր ելեկտրոնային հաշուիչ մեքենաներու ստեղծման եւ շահագործման մէջ։

Ֆադէյ Սարգսեան տարբեր միջազգային ակադեմիաներու անդամ է։ Արժանացած է պետական բազմաթիւ մրցանակներու, պարգեւատրուած է Ռուսիոյ Բնական գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր մետալով եւ Հանովըրի (Գերմանիա) Բնական գիտութիւններու եւ արուեստներու հիմնարկի Ոսկէ թագ աստղով։ Յուշերն ու հայ ժողովուրդի խորհրդային տարիներու կէսդարեայ շնչառութիւնը Ֆ Սարգսեան ամփոփած է Կեանքի դասերը ինքնակենսագրականին մէջ։ ֆ. Սարգսեանի 85-ամեակի առիթով զինք շնորհաւորած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը ։Մեծարման երեկոյթի աւարտին Ֆ Սարգսեան պարգեւատրուեցաւ եւրոպական ակադեմիայի Սուրբ Գէորգ մետալով եւ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Մարինա Աբէլեանի Հայը վաւերագրական ժապաւէնը. յոբելեարը շնորհաւորած են նաեւ՜ Վլադիմիր Մովսիսեանը, ակադեմիկոս Էմիլ Գաբրիէլեանը եւ ուրիշներ։



Գրական երաժշտական երեկոյ նուիրուած Չարենցի եւ Շիրազի։



Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է Երկու գագաթ գրական-երաժշտական երեկոն, նուիրուած Եղիշէ Չարենցի եւ Յովհաննէս Շիրազի։ Համերգի ժամանակ հնչած են բազմաթիւ երաժշտական, գրական ստեղծագործութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած են Վլադիմիր Աբաջեանը, Սիլվա Եուզբաշեանը, Արսէն Ղազարեանը, Վերգինէ Սահակեանը, Հռիփսիմէ Սարգսեանը, Աննա Մանուչարեանը, Նանէ պարային խումբը։ Երեկոն վարած է Սարգիս Նաճարեան, իսկ համերգին ընթացքին հնչած են Եղիշէ Չարենցի եւ Յովհաննէս Շիրազի բառերով գրուած երգեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.